Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անորոշ վիճակի մատնուած է եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր ապագան. շարունակե՞լ իր արհեստավարժ ասպարէզը, թէ հեռանալ իր նախասիրած այս մարզաձեւէն:
Ամփոփելով 2020 թուականը` ան ըսաւ, որ տարին սկսաւ «Քորոնա» ժահրով եւ անիկա աւարտեցաւ մարդկութեան եւ յատկապէս Հայաստանի դէմ տխուր ու ցաւալի պատերազմով:
Վերոնշեալ երկու դէպքերը քիչ մը նեղ կացութեան մատնած են 33 տարեկան մարզիկը, որ չի կրնար որոշել իր յառաջիկայի ծրագիրներն ու առնելիք քայլերը: