Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը, ազգային խումբերէն 2020 տարուան լաւագոյն մարզիչ ընտրեց ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիտիէ Տեշանը:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռոպերթօ Մարթինեզ (Պելճիքա) եւ Լուիս Էնրիքէ (Սպանիա):
Նշենք, որ Տեշան 2018-ին եւս արժանացած էր այս մրցանակին:
Իսկ վերոնշեալ ֆետերասիոնին կողմէ աշխարհի լաւագոյն մարզիչի կոչման (ակումբներու մակարդակով) արժանացաւ Հանս-Տիեթըր Ֆլիք (Պայէրն Միւնիխ):