Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց նոյնինքն մարզիկը:
Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 20-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով «Քորոնա» ժահրով վարակուած էր Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր գտնուած միջոցին:
Ան ինքնամեկուսացումի մէջ մնալէ ետք այժմ վերսկսած է իր սովորական փորձերուն` ինքզինք առողջութեամբ շատ լաւ զգալով: