Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամրան ընթացքին ծախէ խումբի միջնապահ Ֆրանքի Տէ Եոնկը, այս մասին յայտնեց «Կոլ-քոմ«-ը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր հեռացման պատճառը կը կարծուի ըլլալ ակումբին ունեցած տնտեսական լուրջ տագնապը:
Նշուեցաւ, որ արդէն իսկ Պայէրն Միւնիխ սկսած է գործակցիլ ֆութպոլիստին փոխանցումով զբաղող անձին հետ:
23 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Պարսայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի ամառ:
Ճիշդ այս պատճառով անոր հրաժարագինը կը կազմէ 400 միլիոն եւրօ: