Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ իր համագործակցութիւնը ակումբի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի հետ:
Արքայական ակումբը մտադիր է երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը կնքել 35 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Նշուեցաւ, որ կողմերը արդէն իսկ սկսած են բանակցութիւններու` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021:
Մոտրիչ նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսած էր, որ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել Ռէալ Մատրիտի հետ: