Երէկ` հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, կեանքէն հեռացաւ իտալական ֆութպոլի անցեալի նախկին աստղ, ոսկի գնդակի դափնեկիր եւ աշխարհի ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի:
Նշուեցաւ, որ 65 տարեկան Ռոսսիի մահուան պատճառը եղած է թոքերու քաղցկեղը:
Ան 1982-ի Մոնտիալին իր կազմին` Իտալիոյ հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, ինչպէս նաեւ հանդիսացաւ մրցաշարքի լաւագոյն ռմբաձիգը:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է իտալական վեց ակումբներու, որոնց կարգին` Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան: