Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այսօր տեղի ունենալիք մրցումին:
«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, անոր կազմը (Ա. խմբակ) 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Սոֆիայի բանակայիններուն:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 13 կէտ, Ա. Էս. Ռոմա արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: