Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեծ քայլերով ապահովեց «ԵՒՐՕ-2022»-ի մրցաշարքի յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, երկրորդ մրցումին եւս յաղթելէ ետք Պուլկարիոյ, այս անգամ` 3-1 արդիւնքով: Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան յաղթած էր 4-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, հայրենի կազմը ապահովեց խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք զտումի հանգրուանի իր տոմսը:
Հայաստան, որ այսպիսով մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Վրաստանը: