Անգլիական «Սքայ-Սփորթց» տեղեկացուց, որ 7-րդ անգամն ըլլալով «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Լուիս Հեմիլթըն, ապաքինած ըլլալով («Քորոնա» ժահրէն), իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` կիրակի, Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «Եաս-Մարինա»-ի վազքուղիին վրայ կատարուելիք «կրան-փրի»-ին:
Նշենք, որ ան բացակայած էր նախորդ «կրան-փրի»-էն:
«Մերսետես»-ի վարորդը արդէն իսկ ժամանակէն առաջ ապահոված է ախոյեանութեան տիտղոսը` հաւասարելով գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի հաստատած մրցանիշին:



