Լիբանանեան բոլոր ֆետերասիոններուն նման, կատարուեցան նաեւ Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, Սատաքայի մարզահամալիրին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին:
Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 16 ակումբները:
Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 10 անձերէն 9-ը ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ, անոնք պիտի պաշտօնավարեն յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: