Մարզական

Եուվենթուսի Նախագահը Յայտնեց, Որ Ակումբը  Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Տիպալային

Եուվենթուսի Նախագահը Յայտնեց, Որ Ակումբը Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Տիպալային

Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անյելի յայտնեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց խումբի միջնապահ Փաուլօ Տիպալային: Ըստ Եուվենթուսի նախագահին, անոր առաջարկուած նոր պայմանագիրով, Տիպալա պիտի հանդիսանայ Եւրոպայի ամէնէն շատ վարձատրուող 20 ֆութպոլիստներէն մէկը:      

Մահացաւ Ֆրանսացի  Մարզիչ Ժերար Հուլիէն

Մահացաւ Ֆրանսացի Մարզիչ Ժերար Հուլիէն

Ֆրանսական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ մահացաւ ֆրանսացի ֆութպոլի անուանի մասնագէտ Ժերար Հուլիէն: Ան 73 տարեկան էր: Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան իր ամէնէն մեծ յաջողութիւններուն հասած է Լիվըրփուլի հետ, որուն մարզիչը եղած է 1998-էն 2004: Ան եղած է նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը, ինչպէս նաեւ մարզած է այլ ակումբներ, որոնց կարգին` Լիոն, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ ուրիշներ:...

Նէյմար Վնասուածք Ստացաւ  Եւ Դաշտէն Դուրս Բերուեցաւ Պատգարակով

Նէյմար Վնասուածք Ստացաւ Եւ Դաշտէն Դուրս Բերուեցաւ Պատգարակով

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, նուազագոյն արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնէն, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին: Այս մրցումը չկրցաւ շարունակել հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն 28 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ կորսուած վայրկեաններուն վնասուածք մը ստանալով պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն:

Ֆետերեր Ճանչցուեցաւ Զուիցերիոյ  Պատմութեան Լաւագոյն Մարզիկը

Ֆետերեր Ճանչցուեցաւ Զուիցերիոյ Պատմութեան Լաւագոյն Մարզիկը

Զուիցերիական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ 39 տարեկան Ռոժէ Ֆետերեր ճանչցուեցաւ իբրեւ Զուիցերիոյ պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն մարզիկը: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, 103 տարբեր տեսակի մրցաշարքերու տիտղոսներու, ինչպէս նաեւ արձանագրած է 1242 յաղթանակ: Նշենք, որ ան 310 շաբաթ յաջողեցաւ գրաւել տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը:  

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Բաժակի Անհատական  Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի բաժակի ախոյեանութեան անհատական մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած 72 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին յաղթականը հռչակուեցաւ Հունգարիոյ ներկայացուցիչ Պալինթ Քորպասի, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեանի հետ: Նկատի ունենալով, որ հունգարացին վերջինն էր, որ յաղթանակ արձանագրած էր, տիրացաւ ոսկի մետալին, իսկ Ամոյեան հանդիսացաւ...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ` Րաֆֆի Մումջողլեան  Վերընտրուեցաւ Փոխնախագահ

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ` Րաֆֆի Մումջողլեան Վերընտրուեցաւ Փոխնախագահ

Բազմաթիւ ֆետերասիոններու նման կատարուեցան նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` ներկայութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչին: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած եւ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 102 ակումբներէն 76-ը: Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, թեկնածու ներկայացած 11 անձերն ալ մաս կազմեցին նոր ֆետերասիոնին: Նշենք, որ նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ժորժ Քուփալի, որ փոխարինեց Սելիմ...

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  Ուալիտ Քասուֆ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ուալիտ Քասուֆ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Երէկ` կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի ունեցան Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին: Ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆի գլխաւորած ցանկը, որ բաղկացած էր 15 անձերէ, ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ` մեծ յաղթանակ մը տանելով մրցակից ցանկին վրայ, որ կը բաղկանար 12 թեկնածուներէ: Աւարտին ընտրուած նոր ֆետերասիոնը կատարեց պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով....

Իտալական Ֆութպոլ.  Մխիթարեան Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ երէկ հիւրը եղաւ Պոլոնիային, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կատարեց 4-րդ կոլին էսիսթը, նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը` 44-րդ վայրկեանին: Տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրելով` Ա. Էս. Ռոմայի կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 21 կէտ: Մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի...

Փրեմիեր Լիկ.  Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին  Աւարտեցաւ 0-0 Արդիւնքով

Փրեմիեր Լիկ. Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին Աւարտեցաւ 0-0 Արդիւնքով

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումը` Եունայթըտի եւ Սիթիի միջեւ, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Ֆուլհեմի դաշտին վրայ, անոր հետ արձանագրելով 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Լիվըրփուլ իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին 79-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մոհամետ Սալահի փենալթիին: Լիվըրփուլ, որ այժմ ունի 25...

«Լա Լիկա».  Սերճիօ Ռամոս` Մատրիտեան  Տերպիի Մրցանակակիր

«Լա Լիկա». Սերճիօ Ռամոս` Մատրիտեան Տերպիի Մրցանակակիր

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս անգամ մը եւս եկաւ իր ակումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատելու: Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ մատրիտեան տերպիի մրցումը, Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ («Լա Լիկա», 13-րդ հանգրուան): Անիկա աւարտեցաւ Ռէալի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քազեմիրօ (15-րդ) եւ Եան Օպլաք (63-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Ռամոսի համար այս տերպին...

Արտակ Օսէեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Արտակ Օսէեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Փիւնիկ-Շիրակ մրցումէն ետք, Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ Շիրակի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Ան ակումբի մարզիչ նշանակուած էր այս տարուան յուլիսին: Անոր հետ Փիւնիկ կատարեց 11 մրցում` արձանագրելով 5 հաւասարութիւն եւ կրելով 6 պարտութիւն: Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Օսէեանին եւ յաջողութիւն...

Դանիական Ֆութպոլ  Էտկար Բաբայեան` Կոլի Հեղինակ

Դանիական Ֆութպոլ Էտկար Բաբայեան` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Էտկար Բաբայեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Հոպրոյի հետ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Վենտվիսելի դէմ կատարուած մրցումին: Մրցումին եւ յաղթական կազմին առաջին կոլը նշանակեց Բաբայեան` 17-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հոպրօ 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:

Ռուսական Ֆութպոլ.  Բայրամեան Մասնակցեցաւ Ռոսթովի  Յաղթական Մրցումին

Ռուսական Ֆութպոլ. Բայրամեան Մասնակցեցաւ Ռոսթովի Յաղթական Մրցումին

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռոսթով, որ հիւրը եղաւ Ախմաթի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հիւր կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին աւարտէն 8 վայրկեան առաջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Խորէն Բայրամեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, փոխարինուեցաւ 64-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռոսթով, որ ունեցաւ 32 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ...

Պորուսիա Տորթմունտ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Իր Մարզիչը

Պորուսիա Տորթմունտ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` 63 տարեկան զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը: Անոր կազմը նախորդ շաբաթավերջին կրեց 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը իր հիւրէն` Շթութկարթէն: Նախորդ երեք հանգրուաններու մրցումներուն, Տորթմունտ, որ կրեց երկու պարտութիւն եւ արձանագրեց հաւասարութիւն մը, այժմ 19 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Նշենք, որ Ֆաւր խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2018-ին: Անոր հետ...

Փաուլօ Ռոսսիի Թաղման Ընթացքին  Կողոպտուեցաւ Անոր Տունը

Փաուլօ Ռոսսիի Թաղման Ընթացքին Կողոպտուեցաւ Անոր Տունը

«Ֆութպոլ-Իտալիա» երէկ յայտնեց, որ իտալական ֆութպոլի նախկին աստղ Փաուլօ Ռոսսիի յուղարկաւորութեան ընթացքին կողոպտուած է անոր բնակարանը: Նշենք, որ Ռոսսի մահացաւ նախորդ 9 դեկտեմբերին, 64 տարեկան հասակին: Անոր կինը անմիջապէս դիմեց ոստիկանութեան` նշելով, որ գողցուած են իր ամուսնոյն անձնական իրերը, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր գոյքեր: Ոստիկանութիւնը անմիջապէս սկսաւ հետաքննութեան:

Վոլիպոլ.  Ուալիտ Քասուֆ Հրապարակեց Ընտրութիւններուն  Մասնակցող Իր Ցանկը

Վոլիպոլ. Ուալիտ Քասուֆ Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Մասնակցող Իր Ցանկը

Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆ երէկ հրապարակեց իր գլխաւորած ցանկը, որ պիտի պայքարի յաղթանակ արձանագրելու այս ընտրութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի պիտի ունենան վաղը` կիրակի, 13 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ: Ստորեւ` անոր ընտրացանկը. Ուալիտ Քասուֆ, Ասաատ Նախըլ, Ալի Խալիֆէ, Ալի Ապու Ալի, Ժորժ Հապիպ, Ռաֆիք Իսսա, Ժորժ Նասսուր, Ժոզեֆ Սաատէ, Նեժի...

Դահուկարշաւ.  16-18 Փետրուարին Կրտսերներու Ախոյեանութիւն` Արզի Շրջանին Մէջ

Դահուկարշաւ. 2019-2020 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը` Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի դահուկարշաւի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Ռեսթըն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն): Այս մրցանակաբաշխութեան զուգահեռ, պիտի կատարուի նաեւ յաջողած մարզիչներու վկայականներու բաշխումը:

Վաղարշապատի Ֆութպոլի Ակադեմիան  Փոխ Տրուեցաւ Նոա Ֆութպոլի Ակումբին

Վաղարշապատի Ֆութպոլի Ակադեմիան Փոխ Տրուեցաւ Նոա Ֆութպոլի Ակումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ Նոա ֆութպոլի ակումբը երէկ կնքեցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Վաղարշապատի ֆութպոլի ակադեմիան 5 տարուան համար (ապագային այդ մէկը երկարաձգելու նախապայմանով) փոխ տրուեցաւ Նոա ֆութպոլի ակումբին: Ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրը ստորագրեցին կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Արթուր Ազարեան եւ Նոայի գործադիր տնօրէն Արթուր Սահակեան: Նշուեցաւ, որ ապագային Նոա մտադիր է իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն համար...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Մանչեսթըրի Եւ Մատրիտի Տերպիի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըրի Եւ Մատրիտի Տերպիի Մրցումները

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ կը խոստանան ըլլալ Մանչեսթըրի եւ Մատրիտի տերպի-ի մրցումները: Առաջինին, Եունայթըտ կը հիւրընկալէ Սիթին, իսկ երկրորդին, Ռէալ` Աթլեթիքոն: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 12-րդ հանգրուան. ԺԱՄ (այսօր) Վուլվզ-Ասթոն Վիլա 14:30 Նիւքասըլ-Ուեսթ Պրոմուիչ 17:00 Մանչեսթըր Եունայթըտ-Մանչեսթըր Սիթի 19:30 Էվըրթըն-Չելսի 22:00 (կիրակի) Սաութհեմփթըն-Շեֆիլտ Եունայթըտ 14:00...

Ըմբշամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Աշխարհի Բաժակի  Անհատական Մրցաշարքը

Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Աշխարհի Բաժակի Անհատական Մրցաշարքը

Հայաստանը ներկայացնող ըմբիշները այսօր կը սկսին իրենց պայքարը` լաւ արդիւնքներու հասնելու համար աշխարհի ըմբշամարտի բաժակի անհատական մրցաշարքին: Այս մրցաշարքին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Մալխաս Ամոյեան (72 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ), Ռուբէն Ղարիբեան (82քկ), Արթուր Շահինեան (87 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) եւ Դաւիթ Օւասափեան...

Page 561 of 1279 1 … 560 561 562 … 1,279

Արխիւներ