Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որ կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ:
18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Շանթ Սարգսեան առաւելագոյն 7 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը եւ ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Իր տոմսը ապահովելու բաւական մօտ էր նաեւ Արթուր Դաւթեան, սակայն ան վերջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրելով գրաւեց դասաւորման 10-րդ դիրքը: Իսկ Արմէն Բարսեղեան 4,5 կէտով հանդիսացաւ 14-րդ:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, 4,5 կէտ ապահովելով 10-րդ դիրքը գրաւեց Մամիկոն Ղարիբեան: Իսկ 3,5 կէտ ապահովելով 31-րդ դիրքը գրաւեց Արշակ Մելքոնեան: