Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս տարի 2020-ի տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու քուէարկութիւնը պիտի չկատարուի:
2020-ին «Քորոնա» ժահրին պատճառով բազմաթիւ մրցաշարքեր` աշխարհի եւ Եւրոպայի տարածքին չկատարուեցան, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան:
Հետեւաբար, ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, դժուար պիտի ըլլայ ընտրել լաւագոյն տասնեակը: Այս ընտրութիւնը կը կատարուի ամէն տարի, դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: