Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ նախորդ 25 նոյեմբերին մահացած Տիեկօ Մարատոնայի ձգած ժառանգութեան` նշելով, որ անիկա շատ հաւանաբար բաժնուի նուազագոյնը 16 անձերու միջեւ:
Անոր ունեցած հարստութիւնը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով, որոնք զետեղուած են Արժանթինի, Զուիցերիոյ եւ Տուպայի դրամատուներուն մէջ:
Բացի այդ գումարէն, ան ունի նաեւ բազմաթիւ ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ` անշարժ գոյքեր, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ:
Նշուեցաւ, որ ան ունի օրինական 5 զաւակներ: Անոնց կը միանան նաեւ 7 ուրիշ ոչ օրինական զաւակները, ինչպէս նաեւ անոր 4 քոյրերը:
Անոնք բոլորն ալ կրնան ստանալ համահաւասար իրաւունք: