Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիոնել Մեսսիի ֆրանսական ակումբ հաւանական տեղափոխութեան մասին:
«Մենք կը յարգենք բոլոր խումբերը եւ կը փափաքինք, որ անոնք ալ իրենց կարգին յարգեն մեզի: Ինծի համար Լիոնել Մեսսին այժմ Պարսելոնայի ֆութպոլիստ է, բայց ատիկա` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Քաթալոնական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երբ այս տարեշրջանը վերջ գտնէ: Հետեւաբար, յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ պատահիլ, որ արժանթինցին տեսնուի ֆրանսական ակումբին մարզաշապիկով», ըսաւ ան: