2022-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ յանձնախումբի գործադիր կոմիտէի անդամ Նասեր Հատեր յայտնեց, որ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբը կը մասնակցի Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցումներուն,` մաս կազմելով Ա. խմբակին:
Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան` Փորթուգալ, Սերպիա, Իրլանտա, Լիւքսամպուրկ եւ Ազրպէյճան:
Իբրեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիր, Քաթարի կատարելիք այս մրցումները պիտի ըլլան բարեկամական մրցումներ, եւ անոր կատարելիք մրցումներէն անոր մրցակիցները կէտեր պիտի չապահովեն, որովհետեւ անիկա Ասիոյ գօտիին մէջ մրցումներ չունի կատարելիք:
Նշուեցաւ, որ անոր կատարելիք բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի մէջ, որպէսզի անոր մրցակիցները իրենց ճամբորդութիւններուն համար յաւելեալ գումարներ չծախսեն:
Նշենք, որ նախապէս Քաթար, իբրեւ հիւր խումբ, մասնակցած էր Ամերիկայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին: