Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի պատանիները կը շարունակեն իրենց ելոյթները` աշխարհի պատանեկան առցանց ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Շանթ Սարգսեան, որ ապահոված է 4,5 կէտ: 3,5 կէտ ապահոված Արթուր Դաւթեան կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, իսկ Արմէն Բարսեղեան 3 կէտով կը գտնուի 14-րդ դիրքին վրայ:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Մամիկոն Ղարիբեան, որ ապահոված է 3,5 կէտ, կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, մինչ Արշակ Մելքոնեան իր տրամադրութեան տակ ունի 2 կէտ:
Նշենք, որ մրցաշարքը կը կատարուի երկու հանգրուանով` ընտրական եւ նաք աութ դրութեամբ: