«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան խմբակներու դրութեամբ, Ը. խմբակին մաս կազմող Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-1 արդիւնքով ջախջախեց թրքական Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրը:
Փարիզեան կազմէն Քիլիան Մպափէ, որ տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ գերացանցել Լիոնել Մեսսիի հաստատած մրցանիշը` այս մրցաշարքին գծով:
Մպափէ հանդիսացաւ այս մրցաշարքին պատմութեան ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (21 տարեկան, 355 օրական), որ կը հասնի 20 կոլի սահմանը:
Մեսսի, որուն կը պատկանէր նախկին մրցանիշը, 20 կոլի սահմանը հասած էր 20 տարեկանին:
Սակայն կը կարծուի, որ Մպափէ երկար ժամանակ իր մօտ կրնայ չպահել այս մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ Պորուսիա Տորթմունտի 20 տարեկան նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ, որ ցարդ 12 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ, շուտով կրնայ գերազանցել ֆրանսացի ֆութպոլիստը: