Մարզական

Յակոբ Սերոբեան. «Ցարդ Միայն Կը Ծրագրենք  Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Կատարել»

Յակոբ Սերոբեան. «Ցարդ Միայն Կը Ծրագրենք Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Կատարել»

Մարմնամարզիկներուն համար 2021 տարուան ընթացքին կատարելիքներուն մասին ցարդ ոչինչ յստակ է, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան: «Կրնամ ըսել, որ ներկայիս կը ծրագրենք յառաջիկայ փետրուարին կայացնել Հայաստանի մարմնամարզութեան մեծերու ախոյեանութիւնը: Միջազգային մրցաշարքերու գծով ցարդ ոչ մէկ բան յստակ է: «Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած վնասները հետզհետէ կը նուազին, եւ կը...

Կարէն Գիլոյեան Ծաղկաձորի Մէջ  Հանդիպեցաւ Հայրենի Մարզիկներուն Հետ

Կարէն Գիլոյեան Ծաղկաձորի Մէջ Հանդիպեցաւ Հայրենի Մարզիկներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան այցելեց Ծաղկաձորի մարզահամալիր, ուր ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Հայաստանի յունահռոմէական ու ազատ ոճի ըմբշամարտի եւ կռփամարտի հաւաքականները: Նախարարի տեղակալը յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մարզիկներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք լաւ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն` նկատի ունենալով, որ ողիմպիական խաղերուն շատ ժամանակ չէ մնացած: Ան իր խօսքը ուղղելով մարզիկներուն վստահեցուց, որ...

Արամ Ոսկանեան Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Աթիրաուի Հետ

Արամ Ոսկանեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Աթիրաուի Հետ

Հայազգի ֆութպոլի մասնագէտ Արամ Ոսկանեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ղազախական Աթիրաուի հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր գլխաւորութեամբ Աթիրաու նախորդ տարեշրջանին Ղազախստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ: Ոսկանեան անցեալին եղած է նաեւ Միքայի, Բանանցի, Ալաշկերտի եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ: Նշուեցաւ, որ Աթիրաու մօտիկ ապագային ուսումնամարզական հաւաքի մը համար...

Սալահ Դարձեալ Ընտրուեցաւ  Իբրեւ Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Սալահ Դարձեալ Ընտրուեցաւ Իբրեւ Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ արաբական երկիրներու լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց «Կոլ.քոմ» կայքը: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան այս տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 17 մրցումի, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ: Լաւագոյն եռեակին մէջ են նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Ռիատ Մահրեզ (Ալճերիա) եւ Ինթեր Միլանի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմ...

«Էն. Պի. Էյ.»

«Էն. Պի. Էյ.»

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին գծով երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ, մինչ երկու ուրիշներ յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Լուքա Տոնքիչ (կեդրոնը) Տալաս Մավըրիքս, որ հիւրընկալեց Շիքակօ Պուլզը, անկէ կրեց 117-101 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմէն Լուքա Տոնքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (36 կէտ, 16 ռիպաունտ, 15 էսիսթ): Սաքրամենթոյի մէջ, Քինկզ 128-123 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ...

Թոքիօ-2020.  Ողիմպիական Խաղերու Բացման  Հանդիսութեան Պիտի Մասնակցի 6000 Մարզիկ

Թոքիօ-2020. Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան Պիտի Մասնակցի 6000 Մարզիկ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը նախատեսէ, որ Թոքիօ-2020-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան պիտի մասնակցի շուրջ 6000 մարզիկ: Ճափոնական մամուլը յայտնեց, որ սկզբունքով բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլար 11 հազար մարզիկ, սակայն «Քորոնա» ժահրին համաճարակին պատճառով այդ թիւը գրեթէ կէսի նուազեցաւ: Ինչպէս ծանօթ է, սկզբունքով այս խաղերը պիտի կատարուէին 2020-ի ամրան, սակայն անոնք տարիով մը յետաձգուեցան: Այժմ անոնք պիտի կատարուին...

Աթլեթիք Պիլպաօ` Սպանիոյ Գերբաժակակիր. Լիոնել Մեսսի Կրնայ Կախակայուիլ… 4 Մրցումով

Աթլեթիք Պիլպաօ` Սպանիոյ Գերբաժակակիր. Լիոնել Մեսսի Կրնայ Կախակայուիլ… 4 Մրցումով

Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ ճակատեցան Պարսելոնա եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Մրցումը աւարտեցաւ Աթլեթիք Պիլպաոյի  յաղթանակով, որ երկարաձգման ընթացքին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց քաթալոնական կազմը: Պարսելոնայի կոլերը նշանակեց Անթուան Կրիզման (40-րդ եւ 77-րդ), մինչ յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Օսքար տը Մարքոս (42-րդ), Ասիէ Վիլալիպր (90-րդ) եւ Ինաքի Ուիլիամս (94-րդ): Նշենք, որ երկարաձգման 121-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի խմբապետ Լիոնել...

Մարիօ Մանծուքիչ Պիտի Վերադառնայ  «Քալչիօ»

Մարիօ Մանծուքիչ Պիտի Վերադառնայ «Քալչիօ»

Ըստ իտալական մամուլին, խրուաթ յառաջապահ` Մարիօ Մանծուքիչ պիտի վերադառնայ «Քալչիօ» եւ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ա. Սէ. Միլանի հետ: Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է նաեւ սպանական Սելթա Վիկոն եւ ռուսական շարք մը ակումբներ: Եուվենթուսի եւ Պայէրն Միւնիխի նախկին յառաջապահը 5 յուլիս 2020-ին իր պայմանագրութիւնը խզեց քաթարեան Տուհայլ խումբին հետ: Ան այժմ ազատ մարզիկի կարգավիճակին մէջ կը գտնուի: Նշուեցաւ,...

Եուվենթուս Եւ Թոթենհամ  Հետաքրքրուած` Տի Մարիայով

Եուվենթուս Եւ Թոթենհամ Հետաքրքրուած` Տի Մարիայով

Սպանական հանրածանօթ մարզաթերթերէն «Տոն Պալոն» կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Անխել Տի Մարիայով հետաքրքրուած են եւրոպական երկու անուանի ակումբներ: Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս եւ Թոթենհամ ներկայիս շատ մօտէն հետաքրքրուած են արժանթինցի ֆութպոլիստով: Թոթենհամի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին մէջ տեսնելու Տի Մարիան, որուն մարզիչը եղած է անցեալին, երբ անոնք մաս կը կազմէին Ռէալ...

Հաքի. Մինսք Զրկուեցաւ 2021-ի Աշխարհի  Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Իրաւունքէն

Հաքի. Մինսք Զրկուեցաւ 2021-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Իրաւունքէն

Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Մինսք զրկուեցաւ 2021-ի հաքիի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքէն: Նշուեցաւ, որ հաքիի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնած է, որ ատոր պատճառը Պիելոռուսիոյ ներքաղաքական իրավիճակն է: Աշխարհի ախոյեանութեան կայացման թուական ճշդուած է 21 մայիսէն 6 յունիսը: Ախոյեանութեան բազմաթիւ հովանաւորող ընկերութիւնները իրենց կարգին չեն փափաքիր անոր կայացումը Մինսքի մէջ: Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկան, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկրորդ քաղաքն...

Չելսի Մօտէն Հետաքրքրուած` Հաալանտով

Չելսի Մօտէն Հետաքրքրուած` Հաալանտով

Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող նորվեկիացի միջազգային յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտով եւ կը պատրաստուի իր այս առաջարկը պաշտօնապէս ներկայացնելու «Պունտըսլիկա»-ի ակումբին: Ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ 75 միլիոն եւրօ: Սակայն ատիկա ի զօրու կը դառնայ միայն 2022-էն ետք: Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ, որ տորթմունտեան ակումբը աւելի մեծ գումար պիտի...

Ինթեր Միլան Պիտի Անուանափոխուի

Ինթեր Միլան Պիտի Անուանափոխուի

Իտալական Ինթեր Միլան (Ինթերնասիոնալ) ֆութպոլի ակումբը պիտի անուանափոխուի, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Միլանօ քաղաքը ներկայացնող խումբը այսուհետեւ պիտի անուանուի միայն Ինթեր անունով: Ակումբին ղեկավարութիւնը մտադիր է նաեւ փոխել խումբին տարբերանշանը: Անիկա հիմնուած է 1908-ին: Խումբը իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ 1910-ին: Խումբը տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, որոնց կարգին` 18 անգամ հանդիսացած է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան:

Փարիզ Սեն Ժերմեն Որեւէ Առաջարկ  Չէ Ներկայացուցած Ռամոսին

Փարիզ Սեն Ժերմեն Որեւէ Առաջարկ Չէ Ներկայացուցած Ռամոսին

Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն չի պատրաստուիր Սերճիօ Ռամոսի փոխանցման համար առաջարկ ներկայացնել Ռէալ Մատրիտին: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը Ռամոսի հետ կապ հաստատելու փորձ անգամ չէ կատարած: Ռամոս մայրաքաղաքի կազմին պիտի միանայ այն ժամանակ, եթէ Ռէալ Մատրիտէն մարզիկ մը մեկնի հակառակ ուղղութեամբ: Ռէալի խմբապետին պայմանագրութիւն արքայական ակումբին հետ վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին:  

Դահուկարշաւ. Միքայէլեան Եւ Գալստեան` Դասական Ոճի Լաւագոյնները

Դահուկարշաւ. Միքայէլեան Եւ Գալստեան` Դասական Ոճի Լաւագոյնները

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը, որ կ’իյնայ դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին վարկանշային մրցաշարքերու ցանկին մէջ: Աշոցքի մէջ տեղի ունեցած աղջկանց 5 քմ դասական ոճին մէջ, ոսկիէ մետալակիր դարձաւ Քաթիա Գալստեան, մինչ անոր յաջորդեցին Անճելինա Մուրատեան եւ Նելլի Խաչատրեան: Իսկ տղոց 10 քմ դասական ոճին մէջ, Հայաստանի յառաջատար Միքայէլ Միքայէլեան գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին...

Ճատրակ.  Մարգարեանի Անուան Յուշամրցաշարքին Յաղթականը` Հայրապետեան

Ճատրակ. Մարգարեանի Անուան Յուշամրցաշարքին Յաղթականը` Հայրապետեան

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի միջազգային 11-րդ յուշամրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ: Տիտղոսակիր հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովիկ Հայրապետեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց` 7 կէտ: 6-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիոյ ներկայացուցիչները` Սերկէյ Լոպանով եւ Լեւոն Բաբուջեան: Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երիտասարդ ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն,...

Կռփամարտիկ Արտեոմ Միքայէլեան Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի

Կռփամարտիկ Արտեոմ Միքայէլեան Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի

Ռուսիոյ պատանիներու կռփամարտի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր` Արտեոմ Միքայէլեան շաբաթ, 16 յունուարին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը: Արկածը տեղի ունեցած է Թիումեն-Օմսք ճամբուն վրայ, ուր երկու ինքնաշարժներ` «Մազտա» եւ «Լատա» վաճառանիշով, բախած են իրարու: Ապա, «Մազտա» ինքնաշարժը յայտնուած է «Իվեքօ» բեռնատարի մը տակ: Հաղորդուեցաւ, որ մահացողներուն կարգին են նաեւ «Մազտա»-ի 31 տարեկան կին վարորդը եւ «Լատա»-ի 60...

Վոլիպոլ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Վոլիպոլ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին ժողովը` նախագահութեամբ, ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Մուրատեանի: Այս նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ 2020 տարուան ընթացքին ֆետերասիոնին կողմէ իրականացած միջոցառումներու հաշուետուութիւնը եւ հաստատուեցաւ 2021 տարեշրջանի յայտագիրը: Օրակարգին վրայ էր նաեւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի մարզիչի ընտրութիւնը: Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Աւագ Նիկողոսեան, երկրորդ մարզիչ` Յովհաննէս Ասմարեան, իսկ կազմի խմբապետ` Ռազմիկ Սուլթանեան, յայտնեց Հայաստանի վոլիպոլի...

Վալերի Յովհաննիսեան` Թամպովի Նախագահ

Վալերի Յովհաննիսեան` Թամպովի Նախագահ

Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն` Թամպով նախորդ շաբաթավերջին ունեցաւ իր նոր նախագահը: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վալերի Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ նոր նախագահ: Յովհաննիսեան Հայաստանի մէջ աշխատած է Ուլիսի եւ Արարատի հետ, ինչպէս նաեւ` Արարատ-Մոսկուայի հետ: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Եուրա Մովսիսեանի եւ Արազ Օզպիլիսի տեղափոխութիւններուն` Սպարտակ Մոսկուա: Նշենք, որ ներկայիս Թամպովի մաս կը կազմեն...

Արտեոմ Սիմոնեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ռուսիոյ Մէջ

Արտեոմ Սիմոնեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ռուսիոյ Մէջ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Նոա եւ Արտեոմ Սիմոնեան, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը: Հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սիմոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան`  մաս կազմելով Թոմսք քաղաքի Թոմ խումբին: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Նշենք, որ ան իր մասնակցութիւնը բերած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ալաշկերտ, Փիւնիկ,...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 16-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ այժմէն իսկ հանդիսացաւ երթի ախոյեան, 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Ֆրայպուրկին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն ունեցաւ 36 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Լայփցիկ, ունի 32 կէտ: Պայէրնի երկու կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեւանտովսքի (7-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր...

Page 548 of 1279 1 … 547 548 549 … 1,279

Արխիւներ