Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի միջազգային 11-րդ յուշամրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ:
Տիտղոսակիր հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովիկ Հայրապետեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց` 7 կէտ:
6-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիոյ ներկայացուցիչները` Սերկէյ Լոպանով եւ Լեւոն Բաբուջեան:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երիտասարդ ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Իրանէն: