Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն Թրիփըլ-Տապըլ Մը Իրագործեց Պրուքլին Նեթցի Հետ, Մինչ Տիւրանթ Նշանակեց 42 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն Թրիփըլ-Տապըլ Մը Իրագործեց Պրուքլին Նեթցի Հետ, Մինչ Տիւրանթ Նշանակեց 42 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետաքրքրական արդիւնքներ: Նշենք, որ չորս մրցումներ յետաձգուեցան` նկատի ունենալով, որ չորս ակումբներու կարգ մը մարզիկներ վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով: Բաւական ուշագրաւ եղաւ Պրուքլին Նեթցի արձանագրած յաղթանակը Օրլանտօ Մեճիքի դէմ` 122-115 արդիւնքով: Յաղթական կազմի նորեկ Ճէյմս Հարտեն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (32 կէտ, 12 ռիպաունտ, 14...

Պայէրն Միւնիխ Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միանել Միլիթաոն

Պայէրն Միւնիխ Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միանել Միլիթաոն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի 22 տարեկան պրազիլցի յետսապահ Էտեր Միլիթաոն, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը: Պայէրն Միւնիխի աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապայի պայմանագրութիւնը կ’աւարտի յառաջիկայ ամառ: Ասկէ մեկնելով, Հանս-Տիեթըր Ֆլիքի գլխաւորած կազմը պէտք պիտի ունենայ պաշտպանողական գիծին վրայ փորձառու յետսապահի մը: Նշուեցաւ, որ Միլիթաօ չի փափաքիր տեղափոխուիլ Պայէրն,...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Եունայթըտ Ճակատումը Աւարտեցաւ Ճերմակ Հաւասարութեամբ

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Եունայթըտ Ճակատումը Աւարտեցաւ Ճերմակ Հաւասարութեամբ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Լիվըրփուլն ու Մանչեսթըր Եունայթըտը: «Էնֆիլտ»-ի մէջ կատարուած այս ճակատումը աւարտեցաւ առանց կոլերու` ճերմակ հաւասարութեամբ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, սակայն երթի ախոյեան հանդիսանալու համար անիկա պէտք ունի յաղթանակի մը եւս` նկատի ունենալով, որ շարք մը այլ կազմերու...

Թենիս. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 47 Մարզիկներ Հասան Աւստրալիա

Թենիս. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 47 Մարզիկներ Հասան Աւստրալիա

Աւստրալիոյ թենիսի կրանշլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը պիտի կատարուի իր նախատեսուած ժամանակամիջոցին, հակառակ անոր որ Աւստրալիա հասած 47 մարզիկներուն վրայ կատարուած «Քորոնա» ժահրին քննութիւնները տուին դրական արդիւնք: Անոնք բոլորն ալ այժմ ինքնամեկուսացուած են, այս գծով յայտնեց մրցաշարքին կազմակերպիչ յանձնախումբին տնօրէնը` Քրէյկ Թայլի: Նշուեցաւ, որ Լոս Անճելըսէն եւ Ապու Տապիէն Մելպուռն հասած այդ 47 մարզիկներուն օդանաւին մէջ եղած են «Քորոնա» ժահրի պարագաներ:...

Ալեքսանտր Կարապետեան Կրնայ  Տեղափոխուիլ Հայաստանի «Փրեմիեր Լիկ»

Ալեքսանտր Կարապետեան Կրնայ Տեղափոխուիլ Հայաստանի «Փրեմիեր Լիկ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական Թամպովի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Հայաստանի մէջ: Նշուեցաւ, որ Ալաշկերտ-Երեւան առաջարկ մը կատարած է 33 տարեկան յառաջապահին, որ սակայն ցարդ պատասխան չէ տուած: Սակայն շատ հաւանաբար ան ընդունի «Փրեմիեր Լիկ»-ին մաս կազմող ակումբին առաջարկը` նկատի ունենալով, որ Թամպովի վիճակը այդքան ալ լաւ չէ: Վերջերս ռուսական ակումբին թեքնիք տնօրէնը...

Արթուր Աբրահամ Աւարտեց  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Արթուր Աբրահամ Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ վերջ մը կը դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին: Գերմանիոյ մէջ բնակող 40 տարեկան կռփամարտիկը իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Երեւանէն, ուր կը գտնուի այժմ իր ընտանիքին հետ: Ան ըսաւ, որ այսուհետեւ մտադիր է իր ժամանակը անցընել իր զաւակներուն, ընտանիքին եւ ծնողներուն հետ: Հայրենի կռփամարտիկը...

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը.  Վաղը` Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Եունայթըտ  Եւ Ինթեր Միլան-Եուվենթուս «Տաք» Ճակատումներ

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը. Վաղը` Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Ինթեր Միլան-Եուվենթուս «Տաք» Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն շրջագիծին մէջ, յայտագիրին վրայ պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ «տաք» ճակատումներ, որոնք անկասկած պիտի գրաւեն լուսարձակները: Անգլիոյ մէջ, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, վաղը` կիրակի, 17 յունուարին, Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Վերջինս այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը (36 կէտով)` երեք կէտի առաւելութիւն մը ունենալով, երկրին գործող ախոյեանին`...

Եուրա Մովսիսեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Եուրա Մովսիսեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Նշենք, որ Եուրա Մովսիսեան 33 տարեկան է:  

Ճատրակ.  Արոնեան Կը Մասնակցի  «Կրանտ Չես Թուր»-ին

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի «Կրանտ Չես Թուր»-ին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Կրանտ Չես Թուր»-ին կողմէ կազմակերպուելիք հինգ մրցաշարքերուն, որոնք պիտի կատարուին 2021-ի ամրան: «Կրանտ Չես Թուր» հրապարակեց մրցաշարքերուն մնայուն մասնակցողներուն կազմը: Արոնեանէն բացի անոնց կը մասնակցին աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցներ Թէյմուր Ռաճապով եւ Շահրեար Մամետեարով: Կան նաեւ շարք մը այլ մասնակցողներ, որոնց կարգին` ֆրանսացի Մաքսիմ...

Փիւնիկ Պիտի Կատարէ  Ֆութպոլի Բարեկամական 3 Մրցում

Փիւնիկ Պիտի Կատարէ Ֆութպոլի Բարեկամական 3 Մրցում

Ինչպէս ծանօթ է, 31 յունուարին Փիւնիկ Երեւանի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Շարժա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին: Նախքան Շարժա մեկնիլը, Փիւնիկ Երեւանի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցում: Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան Ուրարտու (21 յունուար), Վան (24 յունուար) եւ Ուրարտու-2 (28 յունուար):

Դաւիթ Եուրչենքօ Միացաւ Ալաշկերտ Երեւանի

Դաւիթ Եուրչենքօ Միացաւ Ալաշկերտ Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ երէկ պաշտօնապէս դարձաւ Ալաշկերտ Երեւանի ֆութպոլիստ, այս մասին յայտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 34 տարեկան բերդապահին նախկին ակումբն էր Քարաքանտայի Շախտիորը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ տարուան դեկտեմբերին: Ան նախապէս մաս կազմած է նաեւ ռուսական Քրիլիա Սովեթովին, Մորտովիային, Ուֆային, Անժիին, Թոսնոյին եւ Ենիսէին: Նշենք, որ սեպտեմբեր 2020-ին ան իր նորամուտը նշեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Սպանական Ֆութպոլ.  Վաղը` Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ Աւարտական

Սպանական Ֆութպոլ. Վաղը` Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ Աւարտական

Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի ճակատումը կը կատարուի վաղը` կիրակի, երբ «Էսթատիօ Տը Լա Քարթուխա» մարզադաշտին վրայ (Սեւիլլա) իրարու դէմ կը մրցին Պարսելոնա եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին չէզոք դաշտերու վրայ տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Աթլեթիք Պիլպաօ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց...

Փոքեթինօ` Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատմութեան  Ամէնէն Բարձր Պարգեւատրուող Մարզիչը

Փոքեթինօ` Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատմութեան Ամէնէն Բարձր Պարգեւատրուող Մարզիչը

Ֆրանսական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Լ՛էքիփ» երէկ յայտնեց, որ արժանթինցի ֆութպոլի մասնագէտ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ, Փարիզ Սեն Ժերմենի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչը կը հանդիսանայ: Արժանթինցին, որ նախորդ 2 յունուարին նշանակուեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմի մարզիչ, ամսական կը ստանայ 940.000 եւրօ աշխատավարձ (տարեկան` 11,3 միլիոն եւրօ): Նշենք, որ ան փոխարինեց Թոմաս Թուխելին:

Պարսելոնայի Նախագահական  Ընտրութիւնը  Յետաձգուեցաւ

Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւնը Յետաձգուեցաւ

«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, Պարսելոնա ակումբի նախագահական ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` այս հարցը քննարկելէ ետք քաթալոնական կառավարութեան հետ: Նշենք, որ ընտրութեան թուական ճշդուած էր 24 յունուարը:

Ուէյն Ռունի Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ուէյն Ռունի Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

35 տարեկան անգլիացի Ուէյն Ռունի, երէկ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը եւ նշանակուեցաւ Տերպի Քաունթիի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Նշենք, որ Ռունի իբրեւ մարզիկ-մարզիչ Տերպի Քաունթի տեղափոխուած էր 2020-ին, մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին: Ան 2004-2017 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի, իսկ 2003-2018-ին` Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին:

Փիւնիկ Հաւաք Պիտի Կատարէ Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Փիւնիկ Հաւաք Պիտի Կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին, Փիւնիկ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս հաւաքը պիտի սկսի 31 յունուարին եւ պիտի աւարտի 10 փետրուարին: Խումբին փորձերը տեղի պիտի ունենան Շարժայի մարզամշակութային համալիրին մէջ: Նախատեսուած են նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:

Իրանցի Մարզիկը Իր Ոսկի Մետալը  Նուիրեց Արցախի Մէջ Զոհուած Արթուր  Սուքիասեանի Ընտանիքին

Իրանցի Մարզիկը Իր Ոսկի Մետալը Նուիրեց Արցախի Մէջ Զոհուած Արթուր Սուքիասեանի Ընտանիքին

Հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի քարաթէի 12-րդ բաց ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւած իրանցի մարզիկ Ահմետ Բաղերիփուր որոշեց իր ոսկի մետալը իբրեւ յարգանքի տուրք նուիրել 2020-ին արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին, այս մասին յայտնեց Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախանցեալ օր իրանցի  մարզիկը Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան երրորդ քարտուղար Գոռ Շահվերդեանին յանձնեց իր ոսկի...

Ճատրակ.  Յովիկ Գրիգորեան Կը Շարունակէ  Մնալ Յառաջատար

Ճատրակ. Յովիկ Գրիգորեան Կը Շարունակէ Մնալ Յառաջատար

Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ կատարուող Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին գծով երէկ կատարուեցան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Յովիկ Հայրապետեան շարունակեց մնալ յառաջատար` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ռուսիան ներկայացնող Ռուդիկ Մակարեան (4,5 կէտով):

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականները Սկսան  Պատրաստուելու Նոր Տարեշրջանին

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Հաւաքականները Սկսան Պատրաստուելու Նոր Տարեշրջանին

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը երկու օրէ ի վեր հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, մինչ աղջկանց հաւաքականը կը մարզուի Օլիմփիաւանի մէջ: Խումբերուն մէջ ընդգրկուած են շուրջ 40 երկսեռ մարզիկներ: Անոնց առողջական վիճակին կը հետեւին նաեւ բժիշկներ եւ մարձողներ: Ծանրաբարձները կը պատրաստուին 1-7 փետրուարին տեղի ունենալիք Հայաստանի ախոյեանութեան, որուն պիտի յաջորդեն հաւաքներ եւ...

Հայ Ֆութպոլիստը Հեռացաւ  Վրացական Ակումբէն

Հայ Ֆութպոլիստը Հեռացաւ Վրացական Ակումբէն

23 տարեկան միջնապահ Յովհաննէս Պօղոսեան հեռացաւ վրացական Թելաւի ֆութպոլի խումբէն, հաղորդեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ վրացական ակումբը հրաժեշտ տուած է 7 ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին եղած է նաեւ հայ ֆութպոլիստը: Յովհաննէս Պօղոսեան նախորդ տարի տեղափոխուած էր Թելաւի, որուն հետ իր մասնակցութիւնը բերած էր միայն մէկ մրցումի` նշանակելով կոլ մը: Նախապէս հայրենի ֆութպոլիստը մաս կազմած է նաեւ Փիւնիկ Երեւանի եւ...

Page 549 of 1279 1 … 548 549 550 … 1,279

Արխիւներ