Ըստ իտալական մամուլին, խրուաթ յառաջապահ` Մարիօ Մանծուքիչ պիտի վերադառնայ «Քալչիօ» եւ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ա. Սէ. Միլանի հետ:
Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է նաեւ սպանական Սելթա Վիկոն եւ ռուսական շարք մը ակումբներ:
Եուվենթուսի եւ Պայէրն Միւնիխի նախկին յառաջապահը 5 յուլիս 2020-ին իր պայմանագրութիւնը խզեց քաթարեան Տուհայլ խումբին հետ: Ան այժմ ազատ մարզիկի կարգավիճակին մէջ կը գտնուի:
Նշուեցաւ, որ նախորդ շաբաթավերջին միլանեան ակումբը հանդիպում մը ունեցած է ֆութպոլիստի փոխանցման գործողութիւններով զբաղող պատասխանատուին հետ եւ սերտած` անոր հաւանական փոխանցման հարցը: