Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Նոա եւ Արտեոմ Սիմոնեան, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը:
Հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սիմոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` մաս կազմելով Թոմսք քաղաքի Թոմ խումբին: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
Նշենք, որ ան իր մասնակցութիւնը բերած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ալաշկերտ, Փիւնիկ, Ցիւրիխ եւ ուրիշներ: