Հայազգի ֆութպոլի մասնագէտ Արամ Ոսկանեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ղազախական Աթիրաուի հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր գլխաւորութեամբ Աթիրաու նախորդ տարեշրջանին Ղազախստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Ոսկանեան անցեալին եղած է նաեւ Միքայի, Բանանցի, Ալաշկերտի եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ Աթիրաու մօտիկ ապագային ուսումնամարզական հաւաքի մը համար պիտի մեկնի Թուրքիա: