Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ արաբական երկիրներու լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց «Կոլ.քոմ» կայքը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան այս տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 17 մրցումի, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
Լաւագոյն եռեակին մէջ են նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Ռիատ Մահրեզ (Ալճերիա) եւ Ինթեր Միլանի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմ (Մարոք):