Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող նորվեկիացի միջազգային յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտով եւ կը պատրաստուի իր այս առաջարկը պաշտօնապէս ներկայացնելու «Պունտըսլիկա»-ի ակումբին:
Ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ 75 միլիոն եւրօ: Սակայն ատիկա ի զօրու կը դառնայ միայն 2022-էն ետք:
Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ, որ տորթմունտեան ակումբը աւելի մեծ գումար պիտի պահանջէ` իր ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը Չելսիին տալու համար: