Սպանական հանրածանօթ մարզաթերթերէն «Տոն Պալոն» կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Անխել Տի Մարիայով հետաքրքրուած են եւրոպական երկու անուանի ակումբներ:
Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս եւ Թոթենհամ ներկայիս շատ մօտէն հետաքրքրուած են արժանթինցի ֆութպոլիստով:
Թոթենհամի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին մէջ տեսնելու Տի Մարիան, որուն մարզիչը եղած է անցեալին, երբ անոնք մաս կը կազմէին Ռէալ Մատրիտին: