Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը նախատեսէ, որ Թոքիօ-2020-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան պիտի մասնակցի շուրջ 6000 մարզիկ:
Ճափոնական մամուլը յայտնեց, որ սկզբունքով բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլար 11 հազար մարզիկ, սակայն «Քորոնա» ժահրին համաճարակին պատճառով այդ թիւը գրեթէ կէսի նուազեցաւ:
Ինչպէս ծանօթ է, սկզբունքով այս խաղերը պիտի կատարուէին 2020-ի ամրան, սակայն անոնք տարիով մը յետաձգուեցան:
Այժմ անոնք պիտի կատարուին այս տարի` 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը ամէնէն շատ հիւրընկալած է Լոնտոն (1908, 1948, 2012):