Մարմնամարզիկներուն համար 2021 տարուան ընթացքին կատարելիքներուն մասին ցարդ ոչինչ յստակ է, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան:
«Կրնամ ըսել, որ ներկայիս կը ծրագրենք յառաջիկայ փետրուարին կայացնել Հայաստանի մարմնամարզութեան մեծերու ախոյեանութիւնը: Միջազգային մրցաշարքերու գծով ցարդ ոչ մէկ բան յստակ է:
«Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած վնասները հետզհետէ կը նուազին, եւ կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին», ըսաւ Սերոբեան:
Ան նշեց, որ յառաջիկայ ապրիլին շատ հաւանական է, որ տեղի ունենայ Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութիւնը: