«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին գծով երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ, մինչ երկու ուրիշներ յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Տալաս Մավըրիքս, որ հիւրընկալեց Շիքակօ Պուլզը, անկէ կրեց 117-101 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմէն Լուքա Տոնքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (36 կէտ, 16 ռիպաունտ, 15 էսիսթ):
Սաքրամենթոյի մէջ, Քինկզ 128-123 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ Օրլինզէն, հակառակ անոր որ Տը՛Աաարոն Ֆոքս նշանակեց 43 կէտ:
Պարտութիւն կրեց նաեւ Նիքոլա Եոքիչի կազմը` Տենվըր Նակեթց, իր հիւրէն` Եութա Ճեզէն: Ան նշանակեց 35 կէտ: