«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 16-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ այժմէն իսկ հանդիսացաւ երթի ախոյեան, 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Ֆրայպուրկին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն ունեցաւ 36 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Լայփցիկ, ունի 32 կէտ:
Պայէրնի երկու կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեւանտովսքի (7-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (74-րդ):
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրընկալեց վերջին դիրքին վրայ գտնուող Մայնց-05-ը, ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը (1-1) արձանագրեց անոր հետ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական