Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն` Թամպով նախորդ շաբաթավերջին ունեցաւ իր նոր նախագահը:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վալերի Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ նոր նախագահ:
Յովհաննիսեան Հայաստանի մէջ աշխատած է Ուլիսի եւ Արարատի հետ, ինչպէս նաեւ` Արարատ-Մոսկուայի հետ:
Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Եուրա Մովսիսեանի եւ Արազ Օզպիլիսի տեղափոխութիւններուն` Սպարտակ Մոսկուա:
Նշենք, որ ներկայիս Թամպովի մաս կը կազմեն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ` Ալեքսանտր Կարապետեան եւ Վարազդատ Հարոյեան: