Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Մինսք զրկուեցաւ 2021-ի հաքիի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքէն:
Նշուեցաւ, որ հաքիի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնած է, որ ատոր պատճառը Պիելոռուսիոյ ներքաղաքական իրավիճակն է:
Աշխարհի ախոյեանութեան կայացման թուական ճշդուած է 21 մայիսէն 6 յունիսը:
Ախոյեանութեան բազմաթիւ հովանաւորող ընկերութիւնները իրենց կարգին չեն փափաքիր անոր կայացումը Մինսքի մէջ:
Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկան, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկրորդ քաղաքն էր, կը յայտնէ, որ պատրաստ է առանձինն հիւրընկալելու այդ ախոյեանութիւնը: