Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Սլովաքիոյ ներկայացուցիչ Ժիլինա 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թիխիի դէմ (Լեհաստան):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը: Ան դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին:
Նշենք, որ Վահան Բիչախչեան 2017-ին Շիրակ Գիւմրիէն տեղափոխուեցաւ Ժիլինա:
Ան այս տարեշրջանին Սլովաքիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 15 մրցումի, նշանակեց 9 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: