Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» Մրցաշարքին
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» արագ ճատրակի մրցաշարքին, իր կատարած առաջին 5 հանգրուանի մրցումներուն արձանագրեց 2 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն:
Առաւելագոյն 5 կէտէն 2,5 կէտ ապահովելով` ան այժմ կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մակնուս Քարլսըն (4 կէտով):
Առցանց այս մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 100 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսակիրը կը ստանայ 30 հազար ամերիկեան տոլար:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական