Անսու Ֆաթիի Վերադարձը Կրնայ Ուշանալ
Քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Անսու ֆաթի թէեւ ենթարկուեցաւ ծունկի յաջող վիրաբուժութեան, սակայն այնպէս կը թուի, թէ անոր վերադարձը պիտի ուշանայ` նկատի ունենալով, որ անոր վերականգնողական փուլը բաւական դանդաղ կ’ընթանայ:
Ըստ «Տիարիօ Սփոր»-ի, 18 տարեկան ֆութպոլիստը պէտք էր իր փորձերուն սկսէր նախորդ ամսուան վերջը, սակայն նշուեցաւ, որ անոր ծունկը ցարդ պատրաստ չէ ծանրաբեռնուածութեան:
Շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան միայն:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական