«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկ կատարուած մրցումներուն ծիրին մէջ, երկու այլ կազմերու` Եութա Ճեզի եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի նման, տարեշրջանի իր 17-րդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ 114-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Տենվըր Նակեթցը:
Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս «թրիփըլ տապըլ» մը իրագործեց (27 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ):
Այսպիսով, 36 տարեկան Ճէյմս, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին նշանակեց իր 12,691-րդ կէտը, գերազանցեց Ուիլտ Չեմպըրլէյնի մրցանիշը (12.681 կէտ) եւ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան երրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Քարին Ապտուլ Ժապպար (15.837), իսկ երկրորդ դիրքին վրայ` Քարլ Մալոն (13.528):
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 147-116 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն: Ուորիըրզէն 40 կէտ նշանակեց Քելի Ուպրէ, մինչ անոր խմբակից Սթեֆըն Քարի նշանակեց 28 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Եութա Ճեզ, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ եւ Հիուսթըն Ռոքեթց, յաջորդաբար` Աթլանթա Հոքսի (112-91), Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի (121-105) եւ Մեմֆիս Կրիզլիզի (115-103) դէմ: