Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մրցեցաւ Վանաձորի Լոռիին դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Լոռիի կոլերը նշանակեցին Վարդան Բակալեան, Դաւիթ Փարեմուզեան եւ Քլաուտիօ Մարինի Ժունիոր, իսկ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին ուշացած կոլը (89-րդ)` միջնապահ Ռուբէն Եսայեան, որ մաս կը կազմէ Ուրարտու-2-ին:
Նշենք, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 4-6 փետրուարին նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ռազմիկ Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ հաւաք մը կատարեց: