Քամերունի ազգային խումբի եւ Այաքս Ամսթերտամի (նետրլանտներ) բերդապահ Անտրէ Օնանաա, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցաւ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ դրուած օրէնքը խախտած ըլլալուն համար, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
24 տարեկան ֆութպոլիստին` նախորդ տարուան 30 հոկտեմբերին յանձնած խթանիչ դեղերու դէմ գործածութեան քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան:
Անոր որակազրկումը, որ ուժի մէջ մտաւ երէկ` ուրբաթ, 5 փետրուարէն սկսեալ, անոր ակումբէն բացի նկատի առնուած պիտի ըլլայ նաեւ ազգային խումբին հետ անոր կատարելիք մրցումներուն ընթացքին:
Նշենք, որ ան Այաքս Ամսթերտամին միացաւ 2015-ին: