«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 57 Կէտ, Բայց Ուորիըրզ Պարտուեցաւ
Երէկ եւ նախանցեալ օր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ:
Հակառակ անոր որ կատարուեցան 20 մրցումներ, սակայն ոեւէ մարզիկ մը չկրցաւ «թրիփըլ տապըլ» իրագործել:
Բաւական անբախտ գտնուեցաւ Սթեֆըն Քարի: Հակառակ անոր որ ան նշանակեց 57 կէտ, սակայն անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 134-132 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Լուքա Տոնքիչ նշանակեց 42 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ երկրորդ երկարաձգումէն ետք միայն 135-129 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 33 կէտ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական