Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, որ կը գտնուի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց Վլատիմիր Ենգիպարեանի անուան կռփամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոց եւ հանդիպում ունեցաւ պատանի մարզիկներուն հետ:
«Երեւան: Այցելեցի կռփամարտի իմ առաջին դպրոցս: Հիանալի ժամանակ անցուցինք», նշեց Աբրահամ:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Արթուր Աբրահամ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ կռփամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզը: