Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 21-րդ հանգրուանի կարեւոր մրցումներէն մէկուն ընթացքին, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ա. Էս. Ռոման, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւրընկալ կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի ընթացքին նշանակեց կոլ մը:
Մրցումին հաշիւը 13-րդ վայրկեանին բացաւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, մինչ երկրորդ կոլը նշանակեց Ռոժէ Իպանես (69-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Եուվենթուս բարձրացաւ երրորդ դիրք (42 կէտ)` երկու կէտով գերազանցելով Ա. Էս. Ռոման, որ նահանջեց 4-րդ դիրք:
Առաջին դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլան 4-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քրոթոնէին, որ կը գրաւէ վերջին դիրքը: Զլաթան Իպրահիմովիչ տուպլէ մը իրագործեց (30-րդ եւ 64-րդ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆիորենթինայի դաշտէն:
Ա. Սէ. Միլան այժմ ունի 49 կէտ, իսկ Ինթեր` 47 կէտ: