– Գոռ Մինասեան` Հայաստանի Ախոյեան
– Սիմոն Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երրորդ
Երեւանի պետական ողիմպիական մարզական համալսարանին մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ վերջին օրը կատարուեցան 109 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումները (տղաք):
Տղոց երկամարտի մրցումներուն, 425 քկ արդիւնք մը արձանագրելով ախոյեանի կոչումը նուաճեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Գոռ Մինասեան:
Երկրորդ հանդիսացաւ Վարազդատ Լալայեան (430 քկ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան (415 քկ): Նշենք, որ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մարտիրոսեան այս տարի հանդէս եկաւ գերծանր կշիռի մրցումներուն:
Այս տարի Հայաստանի տղոց ախոյեանութեան 10 տարբեր դասակարգներու մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 ծանրաբարձներ: