Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ղազախական Թարազի հետ, այս մասին յայտնեց «Թրանսֆերմարքեթ»:
28 տարեկան ֆութպոլիստը վերջերս հեռացած էր ռուսական Թամպով ակումբէն, որ տնտեսական տագնապի մատնուած ըլլալուն պատճառով սնանկացումի մէջ է:
Հարոյեան, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ուրալի, Փիւնիկ Երեւանի եւ այլ կազմերու, այսպիսով դարձեալ իրեն մարզիչ պիտի ունենայ Վարդան Մինասեանը, որ քանի մը օր առաջ գլխաւորեց Թարազը: