Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող քանի մը խումբեր այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաքներ կը կատարեն Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Արարատ-Երեւան, որ հաւաք կատարողներէն մէկն է, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, երբ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) յաղթեց ռուսական Ռոտինայի:
Նշենք, որ Վարդան Բիչախչեանի գլխաւորած կազմը իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր տեղւոյն կազմերէն Աթլեթիքօ Արապիայի (7-1) եւ Լիուայի (4-1) դէմ: