Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան երկրի ախոյեան Լիվըրփուլ եւ փոխախոյեան Մանչեսթըր Սիթի:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Սիթիի յաղթանակով, ասիկա 4-1 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Այսպիսով, Լիվըրփուլ 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` իր դաշտին վրայ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Իլքայ Կիւնտողան (49-րդ եւ 73-րդ), Ռահիմ Սթերլինկ (76-րդ) եւ Ֆիլ Ֆոտըն (83-րդ), իսկ Լիվըրփուլի միակ կոլը` Մոհամետ Սալահ (63-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ ունեցաւ 50 կէտ: Մրցում մը նուազ կատարած Սիթի այժմ 5 կէտով կը գերազանցէ իր քաղաքի երկրորդ խումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը, որ գտնուեցաւ բաւական անբախտ` նկատի ունենալով, որ անիկա իր կատարած մրցումը աւարտեց 3-3 արդիւնքով, երբ հիւր կազմը` Էվըրթըն, իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած… 90+5-րդ վայրկեանին:
Եունայթըտի կոլերը նշանակեցին Էտինսոն Քաւանի (24-րդ), Պրունօ Ֆերնանտես (45-րդ) եւ Սքոթ Մաքթոմինէյ (70-րդ):