Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ անգլիական Չելսիի միջեւ տեղի ունենալիք մրցումը, որ կ’իյնայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուի չէզոք դաշտի վրայ:
Փոխան Սպանիոյ, անիկա պիտի կատարուի Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ` նկատի ունենալով, որ Անգլիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, լոնտոնեան կազմը պիտի չկարենայ մեկնիլ Մատրիտ: