Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, նախորդ շաբաթավերջին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ երրորդ դիրքէն բարձրացաւ երկրորդ դիրք` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Նիսին:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին գերմանացի Ժուլիան Տրեքսլըր (22-րդ) եւ իտալացի Մոյզ Քին (76-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը ունեցաւ 54 կէտ եւ 2 կէտի առաւելութիւն մը` Լիոնի վրայ, որ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մոնփելիէէն, նահանջեց երրորդ դիրք:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիլ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պրեսթի հետ, այժմ միայն կէտով մը կը գերազանցէ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական