Մարզական

Թիերի Հանրի` Փորթցմաութի Մարզի՞չ

Թիերի Հանրի` Փորթցմաութի Մարզի՞չ

Անգլիական «Միրըր» օրաթերթին համաձայն, քանատական Մոնրէալ Իմփեքթ ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Թիերի Հանրի շատ հաւանական է, որ գլխաւորէ անգլիական Փորթցմաութ խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «չեմփիընշիփ»-ին մէջ: 43 տարեկան ֆրանսացին 2016-2018 ժամանակամիջոցին եղած է Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչին օգնականը, իսկ հոկտեմբեր 2018-ին` Մոնաքոյի մարզիչ, սակայն պաշտօնավարած` միայն 3 ամիս:

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններ.  Վաւերացուեցան 21 Թեկնածուներ` 25 Փետրուարին  Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Համար

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններ. Վաւերացուեցան 21 Թեկնածուներ` 25 Փետրուարին Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Համար

Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կազմակերպութեան փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ այլ անդամներու: Ժողովականները իրենց այս նիստին ընթացքին քննարկեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նոր ընտրութիւններուն հարցը: Անոնք տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 25 փետրուարին, յետմիջօրէին ժամը 15:00-էն սկսեալ, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ): Նկատի ունենալով, որ երէկ թեկնածութիւն առաջադրելու վերջին...

Ճատրակ.  Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեանութեան`  Երկիշխանութիւն

Ճատրակ. Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեանութեան` Երկիշխանութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կատարուեցան Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 76-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին Մարիամ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Սիրանուշ Ղուկասեան եւ Մարիամ Աւետիսեան: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ այժմ դասաւորման մէջ երկիշխանութիւն տիրէ` նկատի ունենալով, որ Գէորգեան եւ Գաբոյեան ապահոված են 2,5-ական կէտ: Իսկ 2-ական կէտ ունին Աւետիսեան, Ղուկասեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան:...

Ֆութսալ.  Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Լէոյին  Եւ Անոր Նման Ունեցաւ 39 Կէտ

Ֆութսալ. Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Լէոյին Եւ Անոր Նման Ունեցաւ 39 Կէտ

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Արարատ-Արմենիան եւ Լէոն: Արարատ-Արմենիա, արձանագրելով 8-3 արդիւնքով յաղթանակ մը, անոր նման ունեցաւ 39 կէտ եւ այժմ անոր հետ միասին կը բաժնէ պարագլուխի դիրքը: Լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ Լուսառատ, որ ունի 36 կէտ: Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 խումբեր:

Թենիս.  Ճոքովիչ, Օսաքա Եւ Պրէյտի Ապահովեցին  Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Ճոքովիչ, Օսաքա Եւ Պրէյտի Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Շաբաթավերջին Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) իր աւարտին կը հասնի Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ կը կատարուին տղոց եւ աղջկանց աւարտական հանգրուանի ճակատումները: Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ մրցաշարքի գործող սերպ ախոյեան Նովաք Ճոքովիչ, առանց դժուարութեան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց 114-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Ասլան Քարացեւին: Անոնց...

«Եուրոփա Լիկ».  Մխիթարեանի Կազմը` Յաղթական

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեանի Կազմը` Յաղթական

Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան 16 ճակատումներ: Իտալական Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ փորթուգալեան Պրակային, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ անիկա դարձին աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի կատարէ: Մրցումին 5-րդ վայրկեանին Էտին Ծեքօ նշանակեց հիւր կազմին առաջին կոլը: Թէեւ Ա. Էս....

Հայկական Ֆութպոլ.  Գոռ Մանուկեան Տեղափոխուեցաւ Լոռի

Հայկական Ֆութպոլ. Գոռ Մանուկեան Տեղափոխուեցաւ Լոռի

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ բերդապահ Գոռ Մանուկեան տեղափոխուեցաւ Լոռի: Մանուկեան, որ Փիւնիկ-Երեւանի սան է, անոր հետ անցուցած է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը: Ան մաս կազմած է նաեւ Ալաշկերտի: 27 տարեկան բերդապահը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան է, եռակի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր: Ան հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ազգային...

«Թոքիօ-2020»-ի Կազմակերպիչ  Կոմիտէն Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

«Թոքիօ-2020»-ի Կազմակերպիչ Կոմիտէն Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբին կոմիտէն ունեցաւ իր նոր նախագահը, այս մասին յայտնեց «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: 83 տարեկան Եոշիրօ Մորիին փոխարինեց 56 տարեկան Սէյքօ Հաշիմոթօ: Մորի հեռացուեցաւ իր վարած պաշտօնէն` սեռային գայթակղութեան մէջ յայտնուելէ ետք: Մորի նախապէս եղած է Ճափոնի վարչապետ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ յայտնեց, որ Հաշիմոթօ հանդիսացաւ լաւագոյն...

Վերոնայի Ֆութպոլիստը  Դուրս Եկաւ Մահաքունէն

Վերոնայի Ֆութպոլիստը Դուրս Եկաւ Մահաքունէն

Իտալական Վերոնայի երիտասարդական խումբի ֆութպոլիստ Անտրէ Կրեզելէ դուրս եկաւ մահաքունէն, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթ»-ը: Նշուեցաւ, որ 18 տարեկան ֆութպոլիստը վար ինկած է 4 մեթր բարձրութենէն եւ ստացած կոտրուածքներ ու գլխու վնասուածք: Իտալացին տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է վիրաբուժութեան: Ան այժմ գիտակցութեան եկած է եւ սկսած մարդիկը ճանչնալ, բայց եւ այնպէս պիտի մնայ բժիշկներուն հսկողութեան տակ:  

Արամ Հայրապետեան Փորձառական Շրջան Մը Կ’անցընէ Ղազախական Խումբին Հետ

Արամ Հայրապետեան Փորձառական Շրջան Մը Կ’անցընէ Ղազախական Խումբին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արամ Հայրապետեան փորձառական շրջան մը կ’անցընէ ղազախական Աթիրաու խումբին հետ, այս մասին յայտնեց հայկական մարզական մամուլը: 34 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ իրանեան Փէյքանը: Հաւաքականին հետ ան վերջին անգամ ելոյթ ունեցաւ նոյեմբեր 2019-ին, երբ Հայաստան ծանր պարտութիւն մը կրեց Իտալիայէն (9-1): Նշենք, որ Աթիրաուի գլխաւոր մարզիչն է Արամ Ոսկանեան: Ղազախական ակումբին հետ հանդէս կու գայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Բարեկամական Մրցում Մը  Պիտի Կատարէ Պիելոռուսիոյ Դէմ

Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Պիելոռուսիոյ Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 26 մարտին Երեւանի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ դէմ: Նշենք, որ նախորդ տարուան աւարտին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վերստանձնեց Ռաֆայէլ Նազարեան: 45 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը նախապէս 2011-2013 ժամանակամիջոցին եղած է հաւաքականին մարզիչը: Անոր հետ հայրենի կազմը կատարեց 12 մրցում` արձանագրելով 5 յաղթանակ,...

Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Ասթանային

Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Ասթանային

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան երէկ ունեցաւ իր նոր ակումբը: Հայ ֆութպոլիստը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ղազախական Ասթանա ֆութպոլի ակումբին հետ, որուն հետ կը մարզուէր վերջերս: Պայմանագրութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան: Ասթանային միանալով` ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մէկ այլ ֆութպոլիստը` միջնապահ Տիգրան Բարսեղեանը: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ Վարազդատ Հարոյեան մասնակցած է...

Էդուարդ Սպերցեան Հանդէս Պիտի Գայ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

Էդուարդ Սպերցեան Հանդէս Պիտի Գայ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

Քրասնոտարի միջնապահ Եդուարդ Սպերցեան հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆետերասիոնին եւ Սպերցեանին միջեւ կնքուեցաւ համաձայնութիւն մը, ըստ որուն 20 տարեկան միջնապահը մարտին պիտի միանայ հաւաքականին` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն նախապատրաստուելու համար: Ան ծնած է 7 յունիս 2000-ին, Քրասնոտարի մէջ (Ռուսիա): Նշենք, որ ան ընթացիկ տարեշրջանին Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին ընթացքին...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Տէր Սահակեանի, Յովհաննիսեանի  Եւ Փաշիկեանի Յաղթական Մեկնարկը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տէր Սահակեանի, Յովհաննիսեանի Եւ Փաշիկեանի Յաղթական Մեկնարկը

Երեքշաբթի, 16 փետրուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան: Տղոց 81-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Փաշիկեան: Նշենք, որ տղոց ախոյեանութիւնը բաղկացած է 11 հանգրուանէ եւ իր աւարտին կը հասնի 28 փետրուարին: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 76-րդ ախոյեանութեան, Ա. հանգրուանին իրենց կարգին...

Մարմնամարզութիւն.  Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը (ԷՖ. ԱՅ. ՃԻ.) նշեց, որ մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքը յետաձգուեցաւ: Այս ախոյեանութիւնը սկզբունքով պէտք էր տեղի ունենար 10-13 մարտին` Տոհայի մէջ (Քաթար): Անիկա կարեւոր էր այն իմաստով, որ անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը ապահովող մարզիկներուն անունները: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը անոր...

Կռփամարտ.  Ողիմպիականի Վարկանշային  Մրցաշարքը  Կրնայ Ջնջուիլ

Կռփամարտ. Ողիմպիականի Վարկանշային Մրցաշարքը Կրնայ Ջնջուիլ

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու կռփամարտի զտումի միջազգային մրցաշարքը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականային իրենց տոմսերը ապահովող մարզիկներուն անունները, կրնայ ջնջուիլ: Բնականաբար, ասոր պատճառը «Քորոնա» ժահրին յաւելեալ տարածումն է` աշխարհի տարածքին: Նշուեցաւ, որ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ողիմպիականի տոմս պիտի շնորհէ միջազգային դասաւորման մէջ բարձր դիրքեր գրաւող մարզիկներուն: Թոքիօ-2020-ի 32-րդ...

Թենիս.  Ցիցիփաս Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց  2-րդ Դասուած Նատալը

Թենիս. Ցիցիփաս Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց 2-րդ Դասուած Նատալը

Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան) երէկ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը, այսպիսով հանդիսանալով կիսաւարտական հանգրուանին հասնող վերջին մարզիկը: Հակառակ անոր, որ 34 տարեկան Նատալ առաջին երկու սեթերուն յաղթեց 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով, այսուհանդերձ յաջորդ երեքին Ցիցիփաս ինք յաղթեց 7-6, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:...

«Եուրոփա Լիկ».  Մխիթարեան Ընդգրկուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի  Այսօրուան Մրցումին Կազմին Մէջ

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Ընդգրկուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Այսօրուան Մրցումին Կազմին Մէջ

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբը, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր հիւրը պիտի ըլլայ փորթուգալեան Պրակայի: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հռոմեան կազմի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքա, նախքան Իտալիայէն մեկնումը, հրապարակեց իր կազմը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

Գերմանական Ֆութպոլ.  Պայէրն Միւնիխ Կրկնեց Համպուրկի Մրցանիշը

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Կրկնեց Համպուրկի Մրցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 21-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Պայէրն Միւնիխ-Արմինիա Պիլըֆելտ մրցումին, թէեւ երկրին գործող ախոյեանը իր դաշտին վրայ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն յաջողեցաւ կրկնել Համպուրկի մրցանիշը, որ հաստատուած էր 1981-1982 տարեշրջանին: Համպուրկ այդ տարեշրջանին նշանակած էր 61 կոլ, տարեշրջանի առաջին 21 հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պայէրն այժմ 49 կէտով կը գրաւէ դասաւորման...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը  Մեկնեցաւ Պահրէյն

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Պահրէյն

Երէկ` երեքշաբթի, 16 փետրուարին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամա` կատարելու համար զտումի իր վերջին երկու մրցումները, Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 20 փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Պահրէյնի, իսկ 22 փետրուարին պիտի կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը (ժամը 16:00-ին), երբ պիտի ճակատի Հնդկաստանի դէմ: Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին...

Page 536 of 1279 1 … 535 536 537 … 1,279

Արխիւներ