Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի 32 տարեկան միջազգային միջնապահ Անխել Տի Մարիա, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պարսելոնայի դէմ ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սեն Ժերմենի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ հաստատեց, որ ֆութպոլիստին ստացած վնասուածքը քիչ մը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի ամբողջութեամբ ապաքինելու համար:
Ան ըսաւ, որ հակառակ իր հիմնական ֆութպոլիստին բացակայութեան, ան պիտի գտնէ լաւագոյն լուծումը եւ դաշտ պիտի ներկայացնէ իր զօրաւոր կազմը:
Նշենք, որ Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք երթի այս մրցումը պիտի կատարուի այսօր` 16 փետրուարին, Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ: